Copy
18 Մայիս, 2023
ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԸ ՍԿՍԱՒ ՓՐԱՒԻՏԸՆՍԻ ՄԷՋ 

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ իր օրհնութիւնը տուաւ Ազգային Երեսփոխանական Ժողովին՝ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսին եւ մեր ազգային երեսփոխաններուն ուղղուած նամակով։ Ժողովը սկսաւ այսօր՝ Հինգշաբթի, 18 Մայիսին, եւ պիտի շարունակուի մինչեւ Շաբաթ, 20 Մայիս, Փրաւիտընսի մէջ (Ռոտ Այլընտ)։

Կարդացէք շարունակութիւնը

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՀՈՎՈՒԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՔՈՒԷՅԹ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հնգօրեայ հովուապետական այցելութիւն մը տուաւ Քուէյթ, 9-13 Մայիսին, ուր հանդիպումներ ունեցաւ հայ համայնքին ու եկեղեցական ղեկավարներու հետ, ինչպէս եւ պաշտօնատարներու եւ դիւանագէտներու հետ։

Կարդացէք շարունակութիւնը

ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ՝ ԹՐՈՅԻ ՄԷՋ

Կիրակի, 14 Մայիսին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, մասնակցեցաւ Ս. Պատարագին Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ (Թրոյ, Նիւ Եորք) Արժպ. Տ. Վահան Քհն. Գույումճեանի այցելու հովիւ պաշտօնակալութեան առթիւ։ 

Կարդացէք շարունակութիւնը

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ԱՆՏԻՈՔԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԵՏՐՈՊՈԼԻՏԻ ԳԱՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ

Շաբաթ, 13 Մայիսի առաւօտեան, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, մասնակցեցաւ Անտիոքի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի մետրոպոլիտի՝ Գերշ. Տ. Սապա Արքեպիսկոպոսի պաշտօնակալման արարողութեան, որ տեղի ունեցաւ Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ մէջ (Պրուքլին, Նիւ Եորք)։

Կարդացէք շարունակութիւնը

ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ՝ ԻՆՏԻԸՆ ՕՐՉԸՐՏԻ ՄԷՋ

Կիրակի, 21 Մայիսին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, պիտի պատարագէ ու քարոզէ Ս. Գրիգիր եկեղեցւոյ մէջ (Ինտիըն Օրչըրտ, Մէսէչուսէթս) եկեղեցւոյ տարեկան տօնախմբութեան առիթով։

Մեր հաւատացեալները կրնան հետեւիլ Ս. Պատարագին ուղիղ սփռումով։

ՍՈՒՐԻԱՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՖՈՆՏ

Սեղմեցէք այստեղ ձեր նուիրատուութիւնը կատարելու համար։
Սեղմեցէք 
այստեղ նուիրատուներու ցանկը կարդալու համար։

ՎԱՂԸ ՏԵՂԻ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՅ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ ՎԻՃԱԿԱՀԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

Ազգային Առաջնորդարանի աւանդական վիճակահանութիւնը տեղի պիտի ունենայ Ուրբաթ, 19 Մայիսին՝ Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի ընթացքին։ Վիճակահանութեան  ամբողջ եկամուտը կը յատկացուի Առաջնորդարանի կրթական եւ կրօնական ծրագիրներուն։

Տոմսերուն արժէքը 100 տոլար է։ Առաջին մրցանակը 5.000 տոլար պիտի ըլլայ, երկրորդը՝ 2.000 տոլար, իսկ յաջորդական երեք մրցանակները՝ 1.000ական տոլարի։

Տոմսեր գնելու համար, կրնաք դիմել ձեր շրջանի ծուխին եւ կամ Առաջնորդարանի գրասենեակ, գրելով 
email@armenianprelacy.org հասցէին կամ հեռաձայնելով 212-689-7810 թիւին։ Տոմսակներ կրնաք գնել նաեւ առցանց՝ սեղմելով այստեղ։

ԱՅԺՄ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐԻ ԿԱՐԻՔ ՈՒՆԵՑՈՂ 96 ԵՐԵԽԱՆԵՐ ՈՒՆԻՆՔ

Այս շաբաթ, նոր հովանաւոր մը յանձն առաւ հինգ ծնողազուրկ երեխաներու նիւթական օժանդակութիւնը։ Այսպէսով, «Մեծն Ներսէս» բարեգործական կազմակերպութեան ցուցակին մէջ կը մնան Հայաստան եւ Արցախ ապրող 96 ծնողազուրկ երեխաներ, որոնք 2020ի պատերազմի նահատակներու զաւակներ են։

Երախտապարտ ենք բոլոր հովանաւորներուն, որոնք տարեկան 250 տոլարի վճարումով ո՛չ միայն կը թեթեւցնեն որբին եւ իր ընտանիքին նիւթական հոգը, այլեւ կը բարձրացնէ անոնց բարոյականը։ Հովանաւորները նաեւ պարբերաբար յատուկ նուէրներ կը կատարեն։ 

Ներկայիս չորս երկիրներէ (Միացեալ Նահանգներ, Գանատա, Ֆրանսա եւ Հայաստան) 417 անհատներ եւ միութիւններ կը հովանաւորեն 1.475 որբեր, որոնք թէ՛ անչափահասներ եւ թէ՛ չափահաս ուսանողներ են։ Հովանաւորներու մեծամասնութիւնը կու գայ Միացեալ Նահանգներու 26 նահանգներէ։ 1993էն ի վեր, «Մեծն Ներսէս» բարեգործական կազմակերպութիւնը հովանաւորած է 3.629 որբեր Հայաստանի ու Արցախի մէջ։
 
Այն երեխաները, որոնց հովանաւորները առժամեայ կամ վերջնական կերպով չեն կրնար շարունակել իրենց վճարումները կամ ուշացում մը կ՚ունենան, անտէր չեն մնար։ Անոնք կը շարունակեն հովանաւորուիլ շնորհիւ ծրագրի ընդհանուր ֆոնտին, ուր կը մուծուին յատուկ նուիրատուութիւններ կամ փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւններ։
 

Այստեղ սեղմեցէք մինչեւ 18 տարեկան որբերու առցանց հովանաւորութեան համար։ 
 

Այստեղ սեղմեցէք համալսարանական ուսման հետեւող չափահաս որբերու առցանց հովանաւորութեան համար։

Որբերու հովանաւորութեան ծրագրին մասնակցելու համար, Առաջնորդարան կրնաք դիմել նաեւ ելեկտրոնային նամակով (sophie@armenianprelacy.org) կամ հեռաձայնով (212-689-7810)։

Ազգ. Առաջնորդարանի «Մեծն Ներսէս» բարեգործական կազմակերպութեան միջոցով որբերու հովանաւորութիւնը Հայաստանի ու Արցախի մեր ծրագիրներուն առանցքը կը կազմէ՝ 1993էն ի վեր։ Որբերը կանոնաւորապէս կը թղթակցին իրենց հովանաւորին հետ ու այդ նամակներէն նմոյշներ կը ներկայացնեն։ Միայն կը յիշենք գրողներուն անունը՝ խորհրդապահական նկատումներով։ 

Այս շաբթուան նամակը գրած է Մարկը, որ կը հովանաւորուի Սահակ Տէրտէրեանի կողմէ։

Բարեւ, սիրելի հովանաւոր,

Ձեզ գրում է
 Մարկ … Արցախի Ճարտար քաղաքից։ Ես սովորում եմ 6րդ դասարանում գերազանց գնահատականներով։ Յաճախում եմ Armat ինժեներական լաբորատորիա, ցանկանում եմ դառնալ ծրագրաւորող։ Շուտով կը լրանայ Արցախի շրջափակման մէջ գտնուելու հինգ ամիսը։ 

Կարդացէք շարունակութիւնը

Ընթերցումներուն մասին. Երկուշաբթի, 17 Ապրիլէն մինչեւ Հոգեգալուստ (28 Մայիս), իւրաքանչիւր օր չորս աւետարանները հետեւեալ կարգով կը կարդացուին. 1) Առաւօտեան՝ Ղուկաս, 2) Կէսօրին՝ Յովհաննէս, 3) Երեկոյեան՝ Մատթէոս, 4) Երեկոյեան աւարտին՝ Մարկոս։ Հոգեգալուստին, չորս աւետարանները կը կարդացուին մինչեւ խաչելութեան պատումը։
 

ԿԻՐԱԿԻ, 21 ՄԱՅԻՍ
Բ. ԾԱՂԿԱԶԱՐԴ

 
1) Ղուկաս 19.29-48. 2) Առաքեալներու Գործերը 23.12-35. 1 Յովհաննէս 5.13-21. Յովհաննէս 12.12-23. 3) Մատթէոս 20.29-21.17. 4) Մարկոս 10.46-11.11

Այս Կիրակի օրուան ընթերցումները կարդալու համար, սեղմեցէք 
այստեղ:

Հինգշաբթի, 18 Մայիս՝ Մեր Տիրոջ Համբարձման Տօն

ՄԵՐ ՏԻՐՈՋ ՀԱՄԲԱՐՁՄԱՆ ՏՕՆ

Այսօր, Հինգշաբթի, 18 Մայիս, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Համբարձման տօնն է, որ կը նշուի Զատիկէն քառասուն օր ետք։ Տիեզերական եկեղեցին Համբարձումը տօնած է 4րդ դարէն սկսեալ։ Ըստ Ս. Գիրքին, Համբարձումը տեղի ունեցաւ Բեթանիա գիւղին մէջ, Ձիթենեաց լերան վրայ։ Իր պատուէրներն ու օրհնութիւնները աշակերտներուն տալէ ետք, Տէրը «երկինք համբարձաւ եւ Հօրը աջ կողմը նստաւ» (Մարկ. 16.19), եւ «ամպ մը ծածկեց զինք անոնց տեսողութենէն» (Գործ 1.9)։ Մատթէոսի եւ Ղուկասի աւետարանները կ՚աւարտին Յիսուսի Համբարձումով։

Կարդացէք շարունակութիւնը

ՍԱՐԴԱՐԱՊԱՏԻՑ ՄԻՆՉԵՒ ՍԵՒՐ ԵՒ ԼՕԶԱՆ
(Աւետիս Ահարոնեան)
 
Գրագէտ ու քաղաքական գործիչ Աւետիս Ահարոնեան Հայ Դատին վերաբերող իր խորհրդածութիւնները ամփոփած է «Սարդարապատից մինչև Սեւր եւ Լօզան» գիրքին մէջ, որ քաղաքական օրագրի ձեւով կը ներկայացնէ 1918-1923 բախտորոշ ժամանակաշրջանի իրադարձութիւնները եւ կարեւոր աղբիւր մըն է այդ տարիներու դէպքերը հասկնալու համար։

Այստեղ սեղմեցէք Առաջնորդարանի գրախանութէն օրինակ մը գնելու համար

ԱՍՏՈՒԾՈՅ
(Վահան Թէքէեան, 1878-1945)
 

Ինչ որ տուիր, կը դարձնեմ զայն Քեզի՜,
Ահա՛, Աստուած…։ Օրորոցիս բարձին տակ
Հունտեր դրիր, ու ես զանոնք ցանեցի
Եւ ահա՛ հունձքն՝ երկու ափիս մէջ պարփակ…
 
Ո՜րքան քիչ է, եւ եթէ ձեռքս բանամ՝
Գուցէ ոչ ոք ոչինչ տեսնէ, կամ գուցէ
Միայն փոշի եւ միայն բոյր մը տարտամ
Հովը գտնէ ու վայրկեանին թռցնէ…։
 
Շատերն երբեք չծաղկեցան՝ բայց ոմանք
Այդ հունտերէն գարնան առտու մը ծլան,
Եղան ոստեր ու կապեցին դրասանգ
Տունիս ճակտին, ու խամրեցա՜ն այս աշնան…։
 
Յանցանքն իմս է, միմիայն ի՛մս, գիտեմ,
Եթէ ես չեմ դներ հիմա ուրիշ հունձք
Ամենաչափ քու նժարիդ կշռին դէմ՝
Բայց միայն ցաւ ու ափսոսանք ու արցունք…։
 
Ամբողջն այս է, զայն քեզ սիրո՜վ կ՚ընծայեմ…։

ՅԱԿՈԲ ՅԱԿՈԲԵԱՆ (ծնունդ՝ 24 Մայիս, 1923)
 
Յակոբ Յակոբեան արդէն նկարչութեան հաստատուն անուն մըն էր Եգիպտոսի մէջ նախքան Հայաստան ներգաղթը 1960ական թուականներուն։
 
Յ. Յակոբեան ծնած է 24 Մայիս, 1923ին, Աղեքսանդրիա (Եգիպտոս)։ Շրջանաւարտ եղած է Մելգոնեան Կրթական Հաստատութենէն եւ աւելի ուշ աւարտած է Գահիրէի Գեղարուեստի հիմնարկը (1944-1948)։ Այնուհետեւ կրթաթոշակ մը ստացած է հետեւելու Կրան Շօմիէի ակադեմիայի դասընթացքներուն Փարիզի մէջ (1952-1954), ուր նաեւ ուսանած է ծանօթ նկարիչ Անտրէ Լ՚Օթի արուեստանոցին մէջ։ Սկզբնական շրջանի գործերը փոքրածաւալ իւղանկարներ եղած են, ուր ներկայացուցած է շրջակայքն ու առօրեայ կեանքի առարկաներ ու անձեր։ Անոր գործերը նաեւ ցոլացած են պանդխտութեան մէջ ապրելու գաղափարը։

 
ԿԸ ՍՊԱՍԵՆՔ ՁԵՐ ՆԱՄԱԿՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ԹՂԹԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ
Սիրով կ՚ընդունինք ձեր նամակները, ինչպէս եւ ծխական ու դպրոցական կեանքի մասին ձեր թղթակցութիւնները՝ հայերէնով կամ անգլերէնով։ Նամակները պէտք է ուղղուին խմբագրութեան եւ յիշեն գրողի բնակած քաղաքն ու նահանգը, իսկ Ամերիկայէն դուրս գրուած ըլլալու պարագային՝ նաեւ երկիրը։ Անհրաժեշտ է նիւթերը ուղարկել մինչեւ Երեքշաբթի երեկոյ։ 
Մեր հասցէն՝ crossroads@armenianprelacy.org.

ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑ

3 Մայիս-7 Յունիս — Ս. Գիրքի սերտողութիւն՝ Լերան քարոզին մասին (Մտ 5-7), Ազգային Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքի տնօրէն՝ Բարշ. Շանթ Ա. Սրկ. Գազանճեանի կողմէ։ Չորեքշաբթի օրեր, երեկոյեան 7:30-8:30 (արեւելեան ժամ)։
18-20 Մայիս — Արեւելեան Թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողով, կազմակերպութեամբ Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ (Փրաւիտընս, Ռոտ Այլընտ)։
21 Մայիս — Տարեկան տօնակատարութիւն, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի (Ինտիըն Օրչըրտ, Մէսէչուսէթս)։
2-9 Յուլիս — «Ս. Գրիգոր Տաթեւացի» լսարանի ամառնային ծրագիր (13-18 տարեկան), St. Mary of Providence կեդրոն (Էլվերսըն, Փենսիլվէնիա)։ Տեղեկութիւններու համար, հեռաձայնեցէք Շանթ Ա. Սարկաւագին 212-689-7810 թիւին կամ գրեցէք 
shant@armenianprelacy.org հասցէին։
6 Օգոստոս— Տարեկան դաշտագնացութիւն եւ խաղողօրհնէք, Ս. Վարդանանց եկեղեցի (Փրաւիտընս, Ռոտ Այլընտ)։
13 Օգոստոս — Տարեկան դաշտագնացութիւն եւ խաղողօրհնէք, Ս. Ստեփանոս եկեղեցի (Ուոթըրթաուն, Մէսէչուսէթս)։
24 Սեպտեմբեր — Տարեկան տօնակատարութիւն, Ս. Խաչ եկեղեցի (Թրոյ, Նիւ Եորք)։
1 Հոկտեմբեր— Տարեկան տօնակատարութիւն, Ս. Գրիգոր եկեղեցի (Նորթ Անտովըր, Մէսէչուսէթս)։
8 Հոկտեմբեր — Տարեկան տօնակատարութիւն, Ս. Սարգիս եկեղեցի (Տիրպորն, Միշիկըն)։
19 Հոկտեմբեր - 21 Նոյեմբեր — Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Հայրապետ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի հովուապետական այցելութիւն Արեւելեան Թեմին։

Facebook
Instagram
Website
Facebook
Twitter
Link
Website
Copyright © 2023 Armenian Prelacy, All rights reserved.


Want to change how you receive these emails?
You can update your preferences or unsubscribe from this list.

Email Marketing Powered by Mailchimp