Copy
1 Յունիս, 2023
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՀՈՎՈՒԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ԳԱՆԱՏԱ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. ժամանած է Գանատա հովուապետական այցելութեամբ։ Վեհափառ Հայրապետին կ՚ընկերանան Դպրեվանքի տեսուչ՝ Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեան, իբրեւ գաւազանակիր, եւ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան համա-ատենապետ՝ տիար Գրիգոր Մահսէրէճեան։ Այս առիթով, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, մեկնեցաւ Մոնթրէալ։

ԱԶԴԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ՝
ԱՐՑԱԽԸ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻՆ ՅԱՆՁՆԵԼ ՄԱՀԱՎՃԻՌԻ ՀԱՄԱՐԺԷՔ Է
 

Միացեալ Նահանգներու երեք հայ յարանուանութիւններու հոգեւոր պետերը միասնաբար ազդարարեցին նախագահ Ճօ Պայտընին, որ պարտադրել Արցախի յանձնումը Ատրպէյճանի տիրապետութեան կ՚ենթադրէ «մահավճիռ մը այս սրբազան հողի 120.000 տղամարդիկ, կին ու մանուկ հաշուող հայութեան համար»։

Կարդացէք շարունակութիւնը

ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆԱՑ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ՝
ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻ ՆԱԽՕՐԵԱԿԻՆ

Չորեքշաբթի, 17 Մայիսին, Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի նախօրեակին, Թեմիս հոգեւոր հայրերը, ընդ նախագահութեամբ Առաջնորդ՝ Գերշ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսին, հոգեւորականաց համագումար ունեցան Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ յարկին ներքեւ, Փրաւիտընսի մէջ (Ռոտ Այլընտ)։ Ժողովը բացուեցաւ Տէրունական աղօթքով։

Կարդացէք շարունակութիւնը

ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ   

Ուրբաթ, 19 Մայիսին, Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի ընթացքին, տեղի ունեցաւ երիտասարդական հարցերու քննարկում մը, որուն ընթացքին խօսքին առին Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ (Փրաւիտընս, Ռոտ Այլընտ) երեք երիտասարդ ծխականներ՝ Ռոստոմ Մկրտիչեան, Լոռի Սիմոնեան եւ Մարալ Զօպեան։

Կարդացէք շարունակութիւնը

ՏԻԿՆԱՆՑ ՄԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԸ   

Թեմիս ութը Տիկնանց Միութիւններու 14 ներկայացուցիչներ մասնակցեցան Արեւելեան Թեմի Տիկնանց Միութիւններու Ազգային Ընկերակցութեան երկօրեայ համագումարին, որ տեղի ունեցաւ Մայիս 18-19ին, Ազգային Երեսփոխանական Ժողովին զուգահեռ, որ կազմակերպուած էր Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ կողմէ (Փրաւիտընս, Ռոտ Այլընտ)։ 

Կարդացէք շարունակութիւնը

ԳՈՀԱԲԱՆԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ ԵՒ ԴՐՕՇԱԿԻ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՌԱՋԻՆ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ԱՌԻԹՈՎ

Կիրակի, 28 Մայիսին, Հայաստանի Հանրապետութեան գոհաբանական մաղթանք եւ դրօշակի օրհնութիւն տեղի ունեցաւ Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ (Նիւ Եորք),  առաջին անկախութեան 105ամեակին առիթով, նախագահութեամբ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի, մասնակցութեամբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Մեսրոպ Քհն. Լագիսեանի, Թրոյի (Նիւ Եորք) այցելու հովիւ՝ Արժպ. Տ. Վահան Քհն. Գույումճեանի, եւ խորանի ծառայողներու:

Կարդացէք շարունակութիւնը

ԵՐԷՑԿԻՆ ԶՈՒԱՐԹ ՅԱԿՈԲԵԱՆԻ (1936-2023)

Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, եւ Արեւելեան Թեմի Ազգային Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական Ժողովները խորին կսկիծով իմացան երէցկին Զուարթ Յակոբեանի մահուան լուրը, որ տեղի ունեցած է Չորեքշաբթի, 24 Մայիսին։ 
 

Կարդացէք շարունակութիւնը

ՍՈՒՐԻԱՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՖՈՆՏ

Սեղմեցէք այստեղ ձեր նուիրատուութիւնը կատարելու համար։
Սեղմեցէք 
այստեղ նուիրատուներու ցանկը կարդալու համար։

ՀՈՎԱՆԱՒՈՐԻ ԿԱՐԻՔ ՈՒՆԵՑՈՂ ԵՐԵԽԱՆԵՐՈՒ ԹԻՒԸ ԻՋԱԾ Է 49Ի 

Ուրախութեամբ կ՚ուզենք յայտնել, որ վերջին շաբթուան ընթացքին, հովանաւորներու ընտանիք մը որոշեց 40 նահատակներու զաւակներ եւս աւելցնել իրենց ցանկին։ Միւս կողմէ, երկու այլ հովանաւորներ վեց երեխաներու հոգածութիւնը ստանձնեցին։ Այսպէս է, որ ներկայիս արցախեան պատերազմէն 49 նահատակներու զաւակներ կը մնան «Մեծն Ներսէս» բարեսիրական կազմակերպութեան սպասման ցուցակին մէջ։  

Երախտապարտ ենք բոլոր հովանաւորներուն, որոնք տարեկան 250 տոլարի վճարումով ո՛չ միայն կը թեթեւցնեն որբին եւ իր ընտանիքին նիւթական հոգը, այլեւ կը բարձրացնէ անոնց բարոյականը։ Հովանաւորները նաեւ պարբերաբար յատուկ նուէրներ կը կատարեն։ 

Ներկայիս չորս երկիրներէ (Միացեալ Նահանգներ, Գանատա, Ֆրանսա եւ Հայաստան) 418 անհատներ եւ միութիւններ կը հովանաւորեն 1.522 որբեր, որոնք թէ՛ անչափահասներ եւ թէ՛ չափահաս ուսանողներ են։ 1993էն ի վեր, «Մեծն Ներսէս» բարեգործական կազմակերպութիւնը հովանաւորած է 3.676 որբեր Հայաստանի ու Արցախի մէջ։

Այն երեխաները, որոնց հովանաւորները առժամեայ կամ վերջնական կերպով չեն կրնար շարունակել իրենց վճարումները կամ ուշացում մը կ՚ունենան, անտէր չեն մնար։ Անոնք կը շարունակեն հովանաւորուիլ շնորհիւ ծրագրի ընդհանուր ֆոնտին, ուր կը մուծուին յատուկ նուիրատուութիւններ կամ փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւններ։
 

Այստեղ սեղմեցէք մինչեւ 18 տարեկան որբերու առցանց հովանաւորութեան համար։ 
 

Այստեղ սեղմեցէք համալսարանական ուսման հետեւող չափահաս որբերու առցանց հովանաւորութեան համար։

Որբերու հովանաւորութեան ծրագրին մասնակցելու համար, Առաջնորդարան կրնաք դիմել նաեւ ելեկտրոնային նամակով (sophie@armenianprelacy.org) կամ հեռաձայնով (212-689-7810)։

Ազգ. Առաջնորդարանի «Մեծն Ներսէս» բարեգործական կազմակերպութեան միջոցով որբերու հովանաւորութիւնը Հայաստանի ու Արցախի մեր ծրագիրներուն առանցքը կը կազմէ՝ 1993էն ի վեր։ Որբերը կանոնաւորապէս կը թղթակցին իրենց հովանաւորին հետ ու այդ նամակներէն նմոյշներ կը ներկայացնեն։ Միայն կը յիշենք գրողներուն անունը՝ խորհրդապահական նկատումներով։ 

Այս շաբթուան նամակը գրած է Մոնիկան, որ կը հովանաւորուի տէր եւ տիկ. Վահէ եւ Յասմիկ Տոմպալակեաններու կողմէ։

Բարեւ ձեզ, ես Մոնիկա ... եմ, հերոս Կամոյի աղջիկը։ Ես 7 տարեկան եմ, ծնուել եմ Քարին տակ գիւղում։ Հինգ տարեկան էի երբ պատերազմը սկսուեց ու ես շատ վախեցայ։ Հայրիկս մեզ տեղափոխեց Երեւան եւ իսկոյն վերադարձաւ գիւղ։

Կարդացէք շարունակութիւնը

ԿԻՐԱԿԻ, 4 ՅՈՒՆԻՍ
Ա. ԿԻՐԱԿԻ ՀՈԳԵԳԱԼՈՒՍՏԷՆ ԵՏՔ

 
ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍՈՒ 4:25-30
ՆԱՄԱԿ ՅԱԿՈԲՈՍԻ 5:16-20

 

Այս Կիրակի օրուան ընթերցումները կարդալու համար, սեղմեցէք այստեղ:

Կիրակի, 4 Յունիս՝ Յիշատակ Եղիա Մարգարէի։
Երկուշաբթի, 5 Յունիս՝ Ս. Հռիփսիմէ։
Երեքշաբթի, 6 Յունիս՝ Ս. Գայիանէ։

ՅԻՇԱՏԱԿ ԵՂԻԱ ՄԱՐԳԱՐԷԻ

Այս Կիրակի, 4 Յունիսին, Հայաստանեայց Եկեղեցին կը յիշէ Հին Կտակարանի մեծագոյն մարգարէներէն մէկը՝ Եղիան, որուն մասին ընդարձակ տեղեկութիւններ արձանագրուած են Գ. եւ Դ. Թագաւորներու գիրքերուն մէջ։ Այլակերպման ժամանակ Յիսուսի կողքին Մովսէս մարգարէի հետ երեւցած է որպէս կեանքի եւ նոր ուխտի ներկայացուցիչ։ 

Կարդացէք շարունակութիւնը

ՀՌԻՓՍԻՄԷ ԵՒ ԳԱՅԻԱՆԷ ՍՈՒՐԲ ԿՈՅՍԵՐՆ ՈՒ ԱՆՈՆՑ ԸՆԿԵՐԱԿԻՑՆԵՐԸ

Երկուշաբթի, 5 Յունիսին, եւ Երեքշաբթի, 6 Յունիսին, Հայաստանեայց Եկեղեցին կ՚ոգեկոչէ Հռիփսիմէ եւ Գայիանէ սուրբ կոյսերուն ու անոնց ընկերուհիներուն տօները։

Կարդացէք շարունակութիւնը

ԼԵԶՈՒԱԲԱՆ ՀՐԱՉ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆԻ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ
ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ
  

Կիրակի, 28 Մայիսին, լեզուաբան Հրաչ Մարտիոսեան դասախօսութիւն մը տուաւ «Հայոց լեզուի ծագումն ու զարգացումը» նիւթին շուրջ Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ, կազմակերպութեամբ Մայր Եկեղեցւոյ եւ Համազգայինի Նիւ Եորքի մասնաճիւղին եւ նախագահութեամբ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի։

Կարդացէք շարունակութիւնը

«ՔՐԻՍՏԱՓՈՐ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆԻ ՆԱՄԱԿՆԵՐԸ»
(խմբագիր՝ Հրաչ Տասնապետեան)
 
Խնամուած հրատարակութեամբ այս հատորը մէկտեղած է Հ. Յ. Դաշնակցութեան հիմնադիրներէն Քրիստափոր Միքայէլեանի (1859-1905) ցարդ յայտնի 188 նամակներ, որոնք մեծագոյն մասով անտիպ են։ Նամակները կարեւոր վաւերաթուղթեր են Ք. Միքայէլեանի կեանքին ու գործունէութեան աւելի մօտէն ծանօթանալու համար։ 

Այստեղ սեղմեցէք Առաջնորդարանի գրախանութէն օրինակ մը գնելու համար

ՊԱՏԱՀԱԲԱՐ ԵՆ ՊԱՏԱՀՈՒՄ ԿԵԱՆՔՈՒՄ
(Պարոյր Սեւակ, 1924-1971)

Մի՛շտ էլ սիրածին պատահաբար են պատահում կեանքում
Ու հրաժեշտ են տալիս սիրածին անհրաժեշտաբա՜ր...
 
Թէ կ՚ուզես՝ լռի՛ր:
Թէ կ՚ուզես՝ ոռնա՜,
Թէ կ՚ուզես՝ ծամիր սեփական լեզուդ,
Թէ կ՚ուզես՝ խցիր բերանըդ բարձով,
Թէ կ՚ուզես՝ ոտքով հարուածիր բարձին.
Հաւատացեալ ես՝ հայհոյիր Աստծուն,
Հաւատացեալ չես՝ Աստծուն հաւատա.
Թէ կ՚ուզես՝ ուզիր է՛լ չուզել – ի զո՜ւր,
Թէ կ՚ուզես՝ ուզիր է՛լ չապրել – ի զո՜ւր...
Ու, եթէ կ՚ուզես, ապրելն այս է հենց,
Եւ սէրն իսկական հենց այս է որ կայ.
 
-Պատահաբար ես պատահում կեանքում,
Անհրաժեշտաբար հրաժեշտ տալիս...

ԼՈՒՍԻՆԷ ԶԱՔԱՐԵԱՆ (ծնունդ՝ Յունիս 1, 1937)

Ինչպէս ըսած է Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Վազգէն Ա., «երբ Լուսինէն երգում է «Սուրբ, սուրբ»ը, բոլոր հրեշտակները բազմութեամբ իջնում են Մայր Աթոռ ու փառաբանում Աստծուն իր այդ երգեցողութեան ու նրան ի վերուստ տրուած շնորհի համար»։

Մեր կրօնական երգերու լաւագոյն մեկնաբան Լուսինէ (Սվետլանա) Զաքարեան ծնած  է Յունիս 1, 1937ին, Ախալցխայի մէջ (Ջաւախք), երաժիշտներու գերդաստանի մը մէջ։ 

Կարդացէք շարունակութիւնը

«ՄԻՒԶԻՔԸԼ ԱՐՄԻՆԻԱ»ՅԻ ԵՐԲԵՄՆԻ ՄԵԿՆԱԲԱՆՆԵՐ 
ԵԼՈՅԹ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՆ
Յառաջիկայ երկու շաբաթներուն, Ազգային Առաջնորդարանի «Միւզիքըլ Արմինիա»յի յայտագրով ելոյթ ունեցած երկու դաշնակահարներ հանրութեան պիտի ներկայանան Նիւ Եորքի մէջ։ Չորեքշաբթի, 7 Յունիսին, Կարինէ Պօղոսեան Արամ Խաչատուրեանի ծննդեան 120ամեակին նուիրուած յայտագիր մը պիտի ներկայացնէ Միտաթլանթիք ֆիլհարմոնիք նուագախումբին հետ։ Համերգը տեղի պիտի ունենայ «Տի Մեննա» կեդրոնի «Գէրի» սրահը։ Տոմսերը կարելի է գնել khachaturian120.eventbrite.com կայքէջէն։

Իսկ Չորեքշաբթի, 14 Յունիսին, Կարէն Յակոբեան պիտի ներկայացնէ Ռախմանինովի եւ Առնօ Բաբաջանեանի դաշնակի գործեր Քրիստոս եւ Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ։ Տոմսերը կարելի է ապահովել հետեւեալ կայքէջէն՝ 
https://secure.givelively.org/event/pegasus-the-orchestra-inc/pegasus-chamber-piano-trios-haydn-mendelssohn-rachmaninoff-babadjanian  
ԿԸ ՍՊԱՍԵՆՔ ՁԵՐ ՆԱՄԱԿՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ԹՂԹԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ
Սիրով կ՚ընդունինք ձեր նամակները, ինչպէս եւ ծխական ու դպրոցական կեանքի մասին ձեր թղթակցութիւնները՝ հայերէնով կամ անգլերէնով։ Նամակները պէտք է ուղղուին խմբագրութեան եւ յիշեն գրողի բնակած քաղաքն ու նահանգը, իսկ Ամերիկայէն դուրս գրուած ըլլալու պարագային՝ նաեւ երկիրը։ Անհրաժեշտ է նիւթերը ուղարկել մինչեւ Երեքշաբթի երեկոյ։
 
Մեր հասցէն՝ 
crossroads@armenianprelacy.org։

ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑ

3 Մայիս-7 Յունիս — Ս. Գիրքի սերտողութիւն՝ Լերան քարոզին մասին (Մտ 5-7), Ազգային Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքի տնօրէն՝ Բարշ. Շանթ Ա. Սրկ. Գազանճեանի կողմէ։ Չորեքշաբթի օրեր, երեկոյեան 7:30-8:30 (արեւելեան ժամ)։
26 Յունիս   20րդ կոլֆի տարեկան մրցաշարք, կազմակերպութեամբ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ (Ուստըր, Մէսէչուսէթս)։
2-9 Յուլիս — «Ս. Գրիգոր Տաթեւացի» լսարանի ամառնային ծրագիր (13-18 տարեկան), St. Mary of Providence կեդրոն (Էլվերսըն, Փենսիլվէնիա)։ Տեղեկութիւններու համար, հեռաձայնեցէք Շանթ Ա. Սարկաւագին 212-689-7810 թիւին կամ գրեցէք 
shant@armenianprelacy.org հասցէին։
30 Յուլիս — Տարեկան դաշտագնացութիւն եւ խաղողօրհնէք, Ս. Ստեփանոս եկեղեցի (Ուոթըրթաուն, Մէսէչուսէթս)։
6 Օգոստոս— Տարեկան դաշտագնացութիւն եւ խաղողօրհնէք, Ս. Վարդանանց եկեղեցի (Փրաւիտընս, Ռոտ Այլընտ)։
13 Օգոստոս — Տարեկան դաշտագնացութիւն եւ խաղողօրհնէք, Ս. Երրորդութիւն եկեղեցի (Ուստըր, Մէսէչուսէթս)։
17 Սեպտեմբեր Տարեկան ճաշկերոյթ, Ս. Երրորդութիւն եկեղեցի (Ուստըր, Մէսէչուսէթս)։
24 Սեպտեմբեր — Տարեկան տօնակատարութիւն, Ս. Խաչ եկեղեցի (Թրոյ, Նիւ Եորք)։
1 Հոկտեմբեր— Տարեկան տօնակատարութիւն, Ս. Գրիգոր եկեղեցի (Նորթ Անտովըր, Մէսէչուսէթս)։
8 Հոկտեմբեր — Տարեկան տօնակատարութիւն, Ս. Սարգիս եկեղեցի (Տիրպորն, Միշիկըն)։
19 Հոկտեմբեր - 21 Նոյեմբեր — Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Հայրապետ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի հովուապետական այցելութիւն Արեւելեան Թեմին։
3-5 Նոյեմբեր — Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ (Ֆիլատելֆիա, Փէնսիլվէնիա) Տիկնանց Միութեան ուտելիքներու տօնավաճառ։

Facebook
Instagram
Website
Facebook
Twitter
Link
Website
Copyright © 2023 Armenian Prelacy, All rights reserved.


Want to change how you receive these emails?
You can update your preferences or unsubscribe from this list.

Email Marketing Powered by Mailchimp