Copy
25 Մայիս, 2023
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԵՐԺԷ ԱՐՑԱԽԸ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՀՈՂԱՅԻՆ ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍ ՆԿԱՏԵԼՈՒ ԱՄԷՆ ՓՈՐՁ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը յայտարարեց, թէ կը մերժէ Արցախը Ատրպէյճանի հողային ամբողջականութեան մաս նկատելու բոլոր տեսակի փորձերը։ Երեքշաբթի, 23 Մայիսին հրապարակուած յայտարարութիւնը ընդգծեց Արցախի ինքնորոշման զօրակցութիւնը, աւելցնելով, թէ ան չի կրնար զոհաբերուիլ բանակցութիւններու սեղանին վրայ:

ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍԻ ՊԱՏԳԱՄԸ
ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻՆ

Հինգշաբթի, 18 Մայիսին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, իր պատգամը տուաւ Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի բացման։ Երեսփոխանական Ժողովը, կազմակերպութեամբ՝ Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ (Փրաւիտընս, Ռոտ Այլընտ), տեղի ունեցաւ անցեալ 18-20 Մայիսին։

Կարդացէք շարունակութիւնը

ՌՈՏ ԱՅԼԸՆՏԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ՏԱՆ ԽՕՍՆԱԿ ՇԵՔԱՐՉԻ ԵՒ ՆԱՀԱՆԳԱՅԻՆ ԾԵՐԱԿՈՒՏԱԿԱՆ ԹԻՔՈՅԵԱՆ ՄԵԾԱՐՈՒԵՑԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹԻՆ

Ուրբաթ, 19 Մայիսին, Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի նիստերու երկրորդ օրուան աւարտին, Ազգային Առաջնորդարանը կազմակերպած էր տարեկան ճաշկերոյթը Crowne Plaza Hotelի մէջ (Ուորուիք, Ռոտ Այլընտ)։ 

Կարդացէք շարունակութիւնը

ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ՝ ԻՆՏԻԸՆ ՕՐՉԸՐՏԻ ՄԷՋ

Կիրակի, 21 Մայիսին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, պատարագեց ու քարոզեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ (Ինտիըն Օրչըրտ, Մէսէչուսէթս)։ 

Կարդացէք շարունակութիւնը

ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ ՎԻՃԱԿԱՀԱՆՈՒԹԵԱՆ ԱՐԴԻՒՆՔԸ
Ազգային Առաջնորդարանի տարեկան վիճակահանութիւնը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 19 Մայիսին, Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի առիթով տրուած ճաշկերոյթի աւարտին։ Շահողներու ցանկը հետեւեալն է.  
 
Առաջին մրցանակ ($5,000)՝  Լորիկ Գէորգեան (Ֆէրֆաքս, Վըրճինիա)
Երկրորդ մրցանակ ($2,000)՝ Փօլ Պետրոսեան (Ուոթըրթաուն, Մէսէչուսէթս)
Երրորդ մրցանակ ($1,000)՝ Գարեգին Ճէլալեան (Վիեննա, Վըրճինիա)
Չորրորդ մրցանակ ($1,000)՝ Էլտա Յակոբեան (Փոթոմաք, Մէրիլէնտ)
Հինգերորդ մրցանակ ($1,000)՝  Մայքլ Եդեմեան (Ռոսլին, Նիւ Եորք)

 
ԳՈՀԱԲԱՆԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ ԵՒ ԴՐՕՇԱԿԻ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՌԱՋԻՆ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ԱՌԻԹՈՎ

Մայիս 28, 1918ին, հայ ժողովուրդի վճռակամութիւնն ու հերոսութիւնը կերտեց անոր հրաշալի յարութիւնը` Աստուծոյ հովանաւորութեամբ եւ խիզախ ու նուիրեալ ղեկավարութեան շնորհիւ։ 105 տարի ետք, մայիսեան յաղթանակներու խորհուրդը կը մնայ ներշնչումի աղբիւր։

Կարդացէք շարունակութիւնը

ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ՝ ՅԻՇԱՏԱԿԻ ՕՐ

Երկուշաբթի, 29 Մայիսին, Յիշատակի Օրը կը նշուի ամերիկեան օրացոյցին մէջ ի յարգանս բոլոր անոնց, որոնք իրենց կեանքը տուած են Միացեալ Նահանգներու ծառայութեան մէջ։ Տօնը սկզբնապէս նուիրուած էր 1861-1865ի քաղաքացիական պատերազմի բոլոր զոհերուն, բայց Ա. Աշխարհամարտէն ետք, վերածուած է մարտի ընթացին մահացած բոլոր ամերիկեան զինուորներուն մեծարանքի օրուան։

ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ՝ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Կիրակի, 28 Մայիսին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, պիտի մասնակցի Ս. Պատարագին Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ (Նիւ Եորք)։ Պիտի պատարագէ ու քարոզէ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Մեսրոպ Քհն. Լագիսեան։ Յընթացս Պատարագի, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը պիտի նախագահէ Հանրապետական Մաղթանքի արարողութեան։
 
Մեր հաւատացեալները կրնան հետեւիլ Ս. Պատարագին առցանց։

ՍՈՒՐԻԱՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՖՈՆՏ

Սեղմեցէք այստեղ ձեր նուիրատուութիւնը կատարելու համար։
Սեղմեցէք 
այստեղ նուիրատուներու ցանկը կարդալու համար։

ՆԵՐԿԱՅԻՍ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐԻ ԿԱՐԻՔ ՈՒՆԵՑՈՂ 95 ԵՐԵԽԱՆԵՐ ՈՒՆԻՆՔ

Ներկայիս, «Մեծն Ներսէս» բարեգործական կազմակերպութեան ցուցակին մէջ կը մնան Հայաստան եւ Արցախ ապրող 95 ծնողազուրկ երեխաներ, որոնք 2020ի պատերազմի նահատակներու զաւակներ են։

Երախտապարտ ենք բոլոր հովանաւորներուն, որոնք տարեկան 250 տոլարի վճարումով ո՛չ միայն կը թեթեւցնեն որբին եւ իր ընտանիքին նիւթական հոգը, այլեւ կը բարձրացնէ անոնց բարոյականը։ Հովանաւորները նաեւ պարբերաբար յատուկ նուէրներ կը կատարեն։ 

Ներկայիս չորս երկիրներէ (Միացեալ Նահանգներ, Գանատա, Ֆրանսա եւ Հայաստան) 417 անհատներ եւ միութիւններ կը հովանաւորեն 1.476 որբեր, որոնք թէ՛ անչափահասներ եւ թէ՛ չափահաս ուսանողներ են։ Հովանաւորներու մեծամասնութիւնը կու գայ Միացեալ Նահանգներու 26 նահանգներէ։ 1993էն ի վեր, «Մեծն Ներսէս» բարեգործական կազմակերպութիւնը հովանաւորած է 3.630 որբեր Հայաստանի ու Արցախի մէջ։

Այն երեխաները, որոնց հովանաւորները առժամեայ կամ վերջնական կերպով չեն կրնար շարունակել իրենց վճարումները կամ ուշացում մը կ՚ունենան, անտէր չեն մնար։ Անոնք կը շարունակեն հովանաւորուիլ շնորհիւ ծրագրի ընդհանուր ֆոնտին, ուր կը մուծուին յատուկ նուիրատուութիւններ կամ փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւններ։
 

Այստեղ սեղմեցէք մինչեւ 18 տարեկան որբերու առցանց հովանաւորութեան համար։ 
 

Այստեղ սեղմեցէք համալսարանական ուսման հետեւող չափահաս որբերու առցանց հովանաւորութեան համար։

Որբերու հովանաւորութեան ծրագրին մասնակցելու համար, Առաջնորդարան կրնաք դիմել նաեւ ելեկտրոնային նամակով (sophie@armenianprelacy.org) կամ հեռաձայնով (212-689-7810)։

Ազգ. Առաջնորդարանի «Մեծն Ներսէս» բարեգործական կազմակերպութեան միջոցով որբերու հովանաւորութիւնը Հայաստանի ու Արցախի մեր ծրագիրներուն առանցքը կը կազմէ՝ 1993էն ի վեր։ Որբերը կանոնաւորապէս կը թղթակցին իրենց հովանաւորին հետ ու այդ նամակներէն նմոյշներ կը ներկայացնեն։ Միայն կը յիշենք գրողներուն անունը՝ խորհրդապահական նկատումներով։ 

Այս շաբթուան նամակը գրած է Սիլվան, որ կը հովանաւորուի տէր եւ տիկ. Ժորէս Գարապէլեանի կողմէ։

Բարեւ, սիրելի հովանաւոր,
 
Ձեզ է գրում Սիլվա . . .։ Ես սովորում եմ 5րդ դասարանում։ Սովորում եմ գերազանց։ Յաճախում եմ ջութակի։ Շատ եմ սիրում ջութակ նուագել։ Մասնակցել եմ շատ համերգների։

Կարդացէք շարունակութիւնը

ԿԻՐԱԿԻ, 28 ՄԱՅԻՍ
ՀՈԳԵԳԱԼՈՒՍՏ

 
ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 14:25-31

ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐՈՒ ԳՈՐԾԵՐԸ 2:1-21

 

Այս Կիրակի օրուան ընթերցումները կարդալու համար, սեղմեցէք այստեղ:

Կիրակի, 28 Մայիս՝ Տօն Հոգեգալստեան

ՀՈԳԵԳԱԼՍՏԵԱՆ ՏՕՆ

Կիրակի, 28 Մայիսին, Հայց. Առաքելական Եկեղեցին կը տօնէ Հոգեգալուստը՝ Սուրբ Հոգիի էջքը աշակերտներուն վրայ, եւ Եկեղեցւոյ ծնունդը։ Յիսուս պատուիրած էր իր Առաքեալներուն. «Գացէք եւ բոլոր ժողովուրդները ինծի աշակերտ դարձուցէք» (Մտ 28:19)։

Կարդացէք շարունակութիւնը

«ՈՒՐՈՒԱԳԻԾ Հ. Յ. Դ. ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ
1919-1924 ՀՆԳԱՄԵԱԿԻ»
(Յարութիւն Քիւրքճեան)

 
1919-1924 թուականները (Հ. Յ. Դաշնակցութեան իններորդ եւ տասներորդ ընդհանուր ժողովներու միջեւ ինկած ժամանակաշրջանը) բախտորոշ շրջան մըն էր 20րդ դարու մեր պատմութեան մէջ, որուն հետ միաձուլուած է այդ հինգ տարիներու կուսակցութեան պատմութիւնը։ Բարդ ու դժուարին տարիներու այս ամփոփումը օգտակար ուղեցոյց մըն է ընթերցողին համար։

Այստեղ սեղմեցէք Առաջնորդարանի գրախանութէն օրինակ մը գնելու համար

ԹՈՒՂԹ ԱՌ ԵՐԵՒԱՆ (Հատուած)
(Անդրանիկ Ծառուկեան, 1913-1989)
 

Երկինքն է սառել ու չկար Աստուած . . .
Բայց ահա՛, ահա՛, հէքեա՞թ թէ հրաշք,
Ծառացաւ մի մարդ,
Հրաշքից փախած ու հրա՜շք մի մարդ.
Կանգնեց նա դաշտում մեր Արարատեան,
Դիակների մէջ եւ ագռաւների,
Եւ հաւատքն արած պողպատեայ վահան,
Եւ սէրն հայրենեաց մի շեփոր ռազմի,
Սոված, սարսափառ մարդկանցից վհատ
Դարբնեց մի բանակ,
Եւ որպէս ոխից շիկացած երկաթ՝
Խփեց ոսոխի ճակատին անարգ . . .
 
Յիշո՞ւմ ես, Աբով, թէ ո՞նց ապրեցան
Հայոց աշխարհի զարմերը վերջին,
Երբ չկար Աստուած, երկինքն էր դաժան.
Յիշո՞ւմ ես կրկին,
Ահեղ Բէլի դէմ ծառացող Հայկին
Եւ նրա թոռան.
Թո՞ռն էր Հայկի, զա՞րմը Վարդանի,
Դաւի՞թն էր մանուկ,
Հայոց լեռներում յայտնուած ոգի՞ . . .
Յիշո՞ւմ ես նրա ճակատը պայծառ,
Անունն անթառամ –
                                     Մանուկեան Արամ . . .

ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՄԻԿՈՆԵԱՆ (մահ՝ 26 Մայիս, 451)
 

Հայաստանեայց Եկեղեցին Վարդանանց պատերազմի սրբացած 1036 նահատակները կ՚ոգեկոչէ Բուն Բարեկենդանին նախորդող Հինգշաբթին, իսկ Ղեւոնդեանց տօնը, երկու օր առաջ, կը յիշէ քրիստոնէական հաւատքի պաշտպանութեան նահատակուած ու նաեւ սրբացած եկեղեցականները։

ԿԸ ՍՊԱՍԵՆՔ ՁԵՐ ՆԱՄԱԿՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ԹՂԹԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ
Սիրով կ՚ընդունինք ձեր նամակները, ինչպէս եւ ծխական ու դպրոցական կեանքի մասին ձեր թղթակցութիւնները՝ հայերէնով կամ անգլերէնով։ Նամակները պէտք է ուղղուին խմբագրութեան եւ յիշեն գրողի բնակած քաղաքն ու նահանգը, իսկ Ամերիկայէն դուրս գրուած ըլլալու պարագային՝ նաեւ երկիրը։ Անհրաժեշտ է նիւթերը ուղարկել մինչեւ Երեքշաբթի երեկոյ։
 
Մեր հասցէն՝ crossroads@armenianprelacy.org։

ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑ

3 Մայիս-7 Յունիս — Ս. Գիրքի սերտողութիւն՝ Լերան քարոզին մասին (Մտ 5-7), Ազգային Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքի տնօրէն՝ Բարշ. Շանթ Ա. Սրկ. Գազանճեանի կողմէ։ Չորեքշաբթի օրեր, երեկոյեան 7:30-8:30 (արեւելեան ժամ)։
26 Յունիս   20րդ կոլֆի տարեկան մրցաշարք, կազմակերպութեամբ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ (Ուստըր, Մէսէչուսէթս)։
2-9 Յուլիս — «Ս. Գրիգոր Տաթեւացի» լսարանի ամառնային ծրագիր (13-18 տարեկան), St. Mary of Providence կեդրոն (Էլվերսըն, Փենսիլվէնիա)։ Տեղեկութիւններու համար, հեռաձայնեցէք Շանթ Ա. Սարկաւագին 212-689-7810 թիւին կամ գրեցէք 
shant@armenianprelacy.org հասցէին։
30 Յուլիս — Տարեկան դաշտագնացութիւն եւ խաղողօրհնէք, Ս. Ստեփանոս եկեղեցի (Ուոթըրթաուն, Մէսէչուսէթս)։
6 Օգոստոս— Տարեկան դաշտագնացութիւն եւ խաղողօրհնէք, Ս. Վարդանանց եկեղեցի (Փրաւիտընս, Ռոտ Այլընտ)։
13 Օգոստոս — Տարեկան դաշտագնացութիւն եւ խաղողօրհնէք, Ս. Երրորդութիւն եկեղեցի (Ուստըր, Մէսէչուսէթս)։
17 Սեպտեմբեր Տարեկան ճաշկերոյթ, Ս. Երրորդութիւն եկեղեցի (Ուստըր, Մէսէչուսէթս)։
24 Սեպտեմբեր — Տարեկան տօնակատարութիւն, Ս. Խաչ եկեղեցի (Թրոյ, Նիւ Եորք)։
1 Հոկտեմբեր— Տարեկան տօնակատարութիւն, Ս. Գրիգոր եկեղեցի (Նորթ Անտովըր, Մէսէչուսէթս)։
8 Հոկտեմբեր — Տարեկան տօնակատարութիւն, Ս. Սարգիս եկեղեցի (Տիրպորն, Միշիկըն)։
19 Հոկտեմբեր - 21 Նոյեմբեր — Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Հայրապետ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի հովուապետական այցելութիւն Արեւելեան Թեմին։
3-5 Նոյեմբեր — Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ (Ֆիլատելֆիա, Փէնսիլվէնիա) Տիկնանց Միութեան ուտելիքներու տօնավաճառ։
 

Facebook
Instagram
Website
Facebook
Twitter
Link
Website
Copyright © 2023 Armenian Prelacy, All rights reserved.


Want to change how you receive these emails?
You can update your preferences or unsubscribe from this list.

Email Marketing Powered by Mailchimp